Արխիւ
Երէկ առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Առլին Քենտիրլին եւ ժրաջան անդամուհիներէն Սելին Չավուշօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին միութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ այս տարի եւս Ամանորի «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի՝ արդէն 14-րդ անգամ։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Պերճ Իսքէնտէրէօզի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէն ներս խոր ցաւ ստեղծեց Պերճ Իսքէնտէրէօզի կորուստը, հակառակ որ ան յառաջացեալ տարիքի մէջ աչքերը փակեց կեանքին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց եկեղեցիէն ներս ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանը։ Նկատի ունենալով, որ Թորոս Ալճան վերջին օրերուն փրոֆեսէօրի տիտղոս ստանալու առթիւ արժանացած էր նորին սրբազնութեան գնահատանքին՝ փափաքած էր Պատրիարքարան այցելելով յայտնել իր որդիական երախտիքը։
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս Ուսուցչաց օրուան շարժառիթով կազմակերպեց պտոյտ մը։ Աւանդական այս պտոյտի մասնակիցները երէկ առաւօտ իրենց տրամադրուած յատուկ օթօպիւսով մեկնեցան Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այսօր եռակողմանի գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն Սոչիի մէջ։ Օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ շարք մը առանցքային խնդիրներ։
«Հայաստան ցայսօր երբեք ետ չէ կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն»:
Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի Երեւանի վերջին բանակցութիւնները անցան լիակատար փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ՝ դաշնակիցներու վայել ձեւով:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ անոնք խորհրդակցեցան՝ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։
Երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողով։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ հոգեւոր հայրերը։
«Նոթրը տամ տը Սիոն» լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը փայլուն անցաւ:
Դատակազմի նախագահն էր հեղինակաւոր անուն մը՝ յայտնի խմբավար ու դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Նիւթականով հարստանալ, դրամ դիզել, հարստութիւն ձեռք ձգել, կեանքը բարօր դարձնել, բարեկեցիկ, բայց զեղխ կեանք մը ապրիլ։ Ահա ներկայ դարուս հազիւ աշխարհը նոր ճանչցած երիտասարդին «մարմաջ»ը, որ տիւ ու ցայգ ոգի ի բռին ճիգ չի խնայեր վերոնշեալ հաճոյաձիգ «նպատակ»ներն ու «մոլուցք»ները իրականացնել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս, հպարտութիւնը, յաւակնութեան հետ, կամ անկէ անկախ, պատճառ կ՚ըլլայ ընկերային յարաբերութիւններու, բարեկամութիւններու, նոյնիսկ ընտանեկան միջավայրի մէջ քայքայումներու եւ կործանումներու։ Արդարեւ, «հպարտութիւն» բառը ինքնին ա՛յնքան որոշ է՝ որ վերլուծման իսկ պէտք չունի։ Ուրեմն, մարդ երբ չունեցածը ունենալ կը ձեւացնէ՝ ասիկա «յաւակնութի՛ւն» է, իսկ երբ ունեցածը գործածելու մէջ անարգական վերաբերութիւն կ՚ունենայ՝ անոր նկատմամբ որ իր ունեցածին շատ պէտք ունի, ասիկա «հպարտութի՛ւն» է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած էր Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, թէ այս տարի Հայաստանի Ազգային արխիւը հայ նշանաւոր եկեղեցականներէն մէկուն՝ Գարեգին Յովսէփանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կը պատրաստէ երկու հատորէ բաղկացած աշխատութիւն մը, որուն առաջին հատորը՝ Հայաստանի Ազգային արխիւին, իսկ երկրորդ հատորը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի նիւթերն են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքի մէջ յարատեւութիւնը՝ պատասխան առնելու անհրաժեշտ պայմաններէն մին է։ Ուստի պէտք է միշտ աղօթել՝ եթէ մարդ կ՚ուզէ աճիլ եւ զօրանալ հաւատքի եւ փորձառութեան մէջ։ Առաքեալը կը պատուիրէ. «յարատեւ աղօթել» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12) եւ «շարունակ աղօթել՝ արթուն մնալով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (ԿՈՂՈՍ. Դ 2)։
12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու սկիզբին կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի վերականգնման գործընթացը սկսած է Սեպտեմբերին:
«Ես չափազանց լաւատեսութիւն չեմ յայտներ, սա դժուար խնդիր է եւ բանակցութիւններու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք շուտ չեն աւարտիր»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները այս առաւօտ բանակցութիւններ վարեցին ու մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։
Տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դիմեց պետական աւագանիին:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նամակներ ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարին: Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս չեն հրապարակած գրութիւններու բովանդակութիւնները:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները: