Արխիւ
«Սուրբ Յովհան Օձնեցի իմաստասէր երանելի կաթողիկոսը եւ իր ժամանակը»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի մէջ կը նշուի երանաշնորհ հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեայ յոբելեանը, որ կ՚արժեւորուի բազմակողմանի զեկուցումներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը, ընդհանրապէս, վարժութեամբ զարգացող եւ կատարեալին հասնող զգացում մըն է։ Այս իմաստով աղօթքը «արուե՛ստ» մըն է։ Ստացական ընդունակութի՛ւն մը։ Այսպէս եթէ չըլլար, Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցնելու պահանջքը չէ՛ր զգար, եւ անոնք, որ կը կարծէին աղօթել, այդպէս կը շարունակէին։
Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան ռազմափորձեր։ Այս զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան եւ հայկական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութենէն դէմքեր։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ Աւելի քան տասնօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան եղաւ Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրընոպլի մէջ։
Կիպրոսի հարաւի պաշարներէն բնական կազ արտահանելու եւ ծովի յատակէն կառուցուելիք խողովակաշարի մը միջոցաւ Եւրոպա փոխադրելու վերաբերեալ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը։ NTV-ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Յունական Կիպրոս, Յունաստան, Իսրայէլ եւ Իտալիա։ Այս վերջինը յանուն Յունական Կիպրոսին կը կատարէ բնական կազի որոնումներ։
Եղիշէ Չարենցի մահուան 80-ամեայ տարելիցին առթիւ հայ գրողները, ուսուցիչներն ու աշակերտները Երեւանի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին մեծ գրողի յուշարձանին:
Թէեւ Եղիշէ Չարենցը կարճ ապրած է՝ անոր կեանքի ամէն վայրկեանը, լեցուն էին հայոց պատմութեան թէ՛ բերկրալից, թէ ողբերգական էջերով:
Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան. «Կատարելութիւնը հորիզոնի նման փախուստ կու տայ մեզմէ»:
Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը հանդիսաւոր համերգով մը նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Քրիսթիտիս վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եմէնի տագնապը կու գայ ա՛լ աւելի խորանալ՝ նախկին բազմանեայ նախագահ Ալի Ապտուլլահ Սալիհի դէմ գործուած ծանրակշիռ մահափորձով:
Վերջին իրադարձութիւնները անխուսափելիօրէն յոռետեսութիւն կը ստեղծեն Սանհայի մէջ յառաջիկային ստեղծուելիք ընդհանուր կացութեան տեսակէտէ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
Մեր համայնքի յայտնի մուճակի վաճառականներէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու վերջերս փոխադրած է իր խանութը։ Պարութհանէ պողոտայի վրայ երկար ժամանակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու խանութը տեղափոխած է «Մուրատօղլու» շուկայի առաջին գետնայարկը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիր այս առաքեալներուն ձօնուած տօնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ֆոթոլուր» լուսանկարչական գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակին ձօնուած ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքի:
Մելիք Պաղտասարեան. «Նախքին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին, յետսովետական ժամանակաշրջանին ստեղծուած միակ անկախ գործակալութիւնը մենք ենք»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի, պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ պիտի գտնէ» (ՅՈՎՀ. Ժ 9)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս երբ կ՚ուզէ ցոյց տալ մարդոց՝ փրկութեան ճամբան։
Հայաստանի «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս յոբելեանը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ մասնաւոր ցուցահանդէսով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան լիբանանահայ գեղձաբան է: Ան բացի իր մասնագիտական գործունէութենէն, նաեւ կը տանի համայնքային գործունէութիւն եւ որպէս բժիշկ հանդէս կու գայ ձայնասփիւռային յատուկ յայտագրերով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Արարատի բնագիրները» գիրքի երկրորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը հրատարակութեան պատրաս-տած է Սուսաննա Նահապետեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Թովմաս Աքուինաս, 26 երկա՜ր տարիներ աշխատած է իր «Summa Theologiae» երկը գրելու համար եւ մեռած է զայն լրացնելէ առաջ։ Ուստի գրելը կը կարօտի ուսումնասիրութեան, լուրջ աշխատութեան եւ զոհողութեա՛ն։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին «Րամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ մը։ Ամանորի սեմին կազմակերպուած այս ձեռնարկը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին կողմէ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Զահրատ մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցած գրական հաւաքոյթով մը: