Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Koro Kültürü Derneği-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Korolar Maratonu փառատօնը երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, Լուսաւորիչ երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ ծրագրին՝ իր մակարդակով արժանանալով ունկնդիրներու բարձր գնահատանքին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը այսօր երդումը կատարելով գործի կը ձեռնարկէ:
Արմէն Սարգսեան՝ հայոց պետականութեան գլուխը:
Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու հեռանկարի լոյսին տակ՝ միջազգային վերլուծաբաններ դրական տրամադրութիւններ կը դիտարկեն երկրի ապագային տեսակէտէ ու կ՚ենթադրեն, որ լիազօրութիւններու այժմու բաժանումը աւելի լաւ պիտի աշխատի:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը առ­հա­սա­րակ ազ­գի մը կեն­սու­նա­կու­թեան աղ­բիւ­րը նկա­տուած է, մինչ­դեռ ան է՛ նաեւ ազ­գա­յին գոր­ծա­դիր ու­ժը, ա­նոր յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու զար­գաց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րա­նը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե՛րն են ե­ղած պայ­քար­նե­րու ա­ռա­ջին ճա­կա­տը նե­տուող­նե­րը, ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րու ի­րա­գործ­ման ճի­գին մէջ ա­մե­նէն սուղ զո­հա­բե­րում բե­րող­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին բա­ւա­կան «խառն» ի­րա­վի­ճակ տի­րած է Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ… «ոչ-հան­գիստ» վի­ճակ մը կը տի­րէր:
Պատ­ճա­ռը կապ ու­նէր Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­­նըլտ Թրամ­փի օ­րեր ա­ռաջ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին, ո­րու մէջ ան իր հեր­թա­կան «ան­կան­խա­տե­սե­լի» վար­­-մուն­քով կը յայտ­նէր, թէ՝ «Ա­մե­րի­կան իր զօր­քե­րը պի­տի քա­շէ Սու­րիա­յէն»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։Գերապայծառը Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարարեց խումբ մը պատանիներու, որոնք առաջին անգամ մօտեցան խորհուրդին - Թանգարանի օրհնութեան կարգ եւ հանդիսաւոր բացում։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւնները համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ապրեցան Կրկնազատկի հրճուանքը:
Աւանդական հանդիսութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը: Պատարագիչն էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018

Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի փայլուն ձեռնարկ մը՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Էրօլ Սեհերեըլտըզըի հովանաւորութեամբ:
Համակրելի մեներգիչը անմոռանալի համերգով մը հանդէս եկաւ իր 40-ամեակին առթիւ: Յոբելենական փուլին թրքահայ երաժշտասէրները զինքը ողջունեցին ջերմ զգացումներով: 

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ իր երկրորդ ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։
Խումբը կը ջանայ ստեղծել ամուր ենթագետին մը, որու վրայ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բացատրութիւններ տուաւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ ունեցած տեսակցութեան շուրջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ այդ օրերու Իսրայէլի անվտանգութեան հարցերու նախարար Մոշէ Եահալոն «կը բացայատէր», որ իր երկիրը Սուրիոյ հարցերուն «դիմակայելու» համար ստեղծած է երեք կարմիր գիծեր, որոնց համար ալ անհրաժեշտ պահուն իրենք պատրաստ են յարմար լուծումներ կիրարռել: Այդ «կարմիր գիծեր»ը հետեւեալներն էին.

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ խոստումին։ Այս հարցումը կասկածամտութեան արդիւնք չէ։ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը բերի, զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար», Աբրահամ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս պիտի գիտնամ»։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատկի ութերորդ օրը, այսինքն՝ Զատկի յաջորդող առաջին Կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի», եւ կամ «Կրկնազատիկ»։ Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի, «Կրկնազատիկ» անուանումը ժողովրդական անուն մըն է, որ երբեմն կը տրուի Զատկի ութերորդ օրուան՝ Նոր Կիրակիին, սակայն բնաւ եկեղեցական նշանակութիւն չունի։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ, Չորեքշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Պաքըրգիւղցի արուեստագէտներու միութեան (Basad) Թրքական դասական երաժշտութեան երգչախումբը հանդէս եկաւ համերգով մը՝ մեկնաբանելով հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուեցաւ մնայուն բնակիչներու աւանդական սեղանը։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի ջանքերով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ընթացքին Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով մնայուն բնակիչներուն եւ հիւանդանոցի ամբողջ անձնակազմի տաղաւարը։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ թատրոնի ոգեւոր կալա մը։ Միութեան թատերախումբը կը ներկայացնէ «Mutlu Noeller» անուն խաղը, որ մէկ արարէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երեւանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ իր հրաժարականը ընդունուած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ արժանթինահայ գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց «Թիէրաս տէ Արմենիա» (Հայաստանի հողեր) ընկերութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018

Հայաստանի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ անմիջական տեսակցութիւն:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա անդրադարձան հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ռազմավարական նշանակութեան:

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ինքնաշարժը կը յառաջանայ: Բնութիւնը արագ շարժումներով կարծես կը սուրայ ինքնաշարժին հակառակ ուղղութեամբ: Երկու կողմերէն ծառերուն նորածիլ ճիւղերը, տակաւին մերկ ու անհոգի կը թուին, մինչ լեռնաշղթաները թեւաբաց կը դիմաւորեն ինքնաշարժը գեղեցիկ խճանկարներ գծելով:

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մէջ, հաւկիթը կեանքի, վերակենդանութեան խորհրդանիշն է եղած եւ կը բովանդակէ «Նոր կեանք»ը։ Հաւանաբար քրիստոնէական շրջաններէն շա՜տ առաջ, գարնանային վերակենդանութեան նուիրուած ծիսակատարութիւններու, տօնախմբութիւններու ընթացքին հաւկիթ կը ներկուէր, կ՚օրհնուէր եւ կը փոխանակուէր, յետոյ մարդիկ կ՚ուտէին զանոնք։

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018

Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի Բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ Հայաստանի Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթրը Տամի համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, Ինտիանա, Բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Անի Աբրահամեանը՝ առաջարկելով Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։

Էջեր