Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018

Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018

Օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ երեք ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»ի դերերգով:
Իտալացի երաժիշտ Ճաքոմօ Փուչինիի «Թոսքա»ն օփերային թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ բոլորովին նոր եւ թարմ բեմադրութեամբ: 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ստեփան Կերտողի «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն» աշխատագրութիւնը։ Այս գիրքը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Փարիզ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 14 սեպտեմբերին ան Էլիզէի պալատին մէջ պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Նոյն օրը վարչապետը պիտի տեսակցի նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը հաշուի կ՚առնէ, թէ ապագային ի պատուի պիտի դառնան ասպարէզներ, որոնց անունները այսօր ծանօթ չեն:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան. «Մենք պէտք է փրկուինք առկայ մարսուած անճարութեան զգացումէն։ Ներկայ միջոցներով չենք կրնար աւելի լաւ կրթութիւն մը կազմակերպել։ Մեր համայնքը աղբիւրի խնդիր չունի, մեր խնդիրը աղբիւրները կառավարելն է։ Նպատակը նուազ միջոցներու բաժնուիլը չէ, այլեւ՝ միջոցներու աւելցուիլը»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

Իտլիպի վերաբերեալ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այսօր Իրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի գագաթաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապն ու մասնաւորապէս Իտլիպի կացութիւնը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

​Հայաստանէն «Նարեկացի» նուագախումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յայտնի մշակութային գործիչ Սեզար Աւետիքեանի ջանքերով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես իմ հայ ժողովուրդիս համար կ՚ուզեմ երգել»:
Օգոստոս 2018, Սիտնի, Աւստրալիա: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ կը շրջագայիմ՝ վայելելով անոր ու բնութեան արտասովոր գեղեցկութիւնը: Բայց այդ գեղեցկութեանը մէջ կար նշանաւոր երաժիշտ-յօրինող Վերտիի «Այտա» օփերայի ներկայացումին նկար-յայտարարութիւնը, որ ողողած էր ամբողջ փողոցները: 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Մա՛մ, ասո՞նք են շատրուանները, որոնց մասին յաճախ կը պատմէիր ինծի:
-Այո՛, տղաս: Քիչ ետք բոլորը կը ցայտեն ու, պատմածիս պէս, կը տեսնես անոնց երաժշտութեան համեմատ գունաւոր պարը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եսասիրութիւն» եւ «նախանձ», դժբախտաբար զգացումներ են, որ դարերէ՜ ի վեր մեծ ծաւալ է գտած մարդկութեան մէջ։ Ուստի, այս երկու զգացումները կարելի է համարել մարդկութեան սեփական ախտերէն՝ որ ա՜յնքան աւերներ են գործած անցեալին մէջ եւ կը շարունակեն գործել։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Նախորդ գրութիւնով անդրադարձանք մեր Տիրոջ սորվեցուցած աղօթքի երրորդ նախադասութեան Աստուածաշնչական հասկացողութեան մասին: Այս գրութեամբ, պիտի տեսնենք, թէ Ընդհանրական եւ մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ Աստուծոյ կը մօտենանք, պէտք է Անոր մօտենանք իբրեւ Հայր՝ հօր մտերմութեան, անկեղծութեան մէջ։ Այս մտերմութեամբ պէտք է հայցենք Իրմէ շնորհք եւ օրհնութիւն եւ պարտինք սիրոյ եւ ներողամտութեան ոգի ունենալ մեր սրտին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

Երեւանի Մոսկովեան-Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին վերջերս զետեղուեցաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանը:
Այս արձանը հոլանտահայերու նուէրն է Երեւանի հիմնադրութեան 2500-ամեակին առիթով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

«Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը դրուած է ընթերցողներու սեղանին։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները ամփոփուած են գիրքի մը մէջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարին հետ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Մուրատ Քուրում քննարկեցին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պետութեան միջոցներով վերանորոգման հարցը: Նախարարութիւնը կը նախատեսէ փութով կարգադրութիւններ ընել՝ գործնական աշխատանքին սկիզբ տալու համար: Նորին սրբազնութիւնը երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հովանոցին տակ ստեղծուած «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ աշխատանքները կը հասուննան՝ Յարութիւն Շանլըի եւ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի առաջնորդութեամբ եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի զօրակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնագիտական աշխատաժողով մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին: տատեան վարժարանէն ներս համախմբուեցան մեր կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները, որոնք հասարակաց ապագայ մը որոնելու ձեռնամուխ եղած են:
«Կրթական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւն»էն Պաթուհան Այտակիւլի զեկուցումը ընկալուեցաւ հետաքրքրութեամբ:
«Համայնքը փորձաքարի մը առջեւ կանգնած է՝ հաւաքաբար գործելու ընդունակութիւնը վերաձեռքբերելու եւ այդպէսով առկայ խնդիրները աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու առումով»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

6 սեպտեմբեր 1831-ին ծնած բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն Խորէն Գալֆայեան նաեւ հոգեւոր հովիւ, կղերական, հայ մամուլի մշակ էր: Հայ մշակութային անդաստանին մէջ ան յայտնի է նաեւ Նար-Պէյ Լուսինեան անունով եւ իր ունեցած գնահատելի աւանդին հետ եղած է նաեւ հակասական կերպար մը, որուն անդրադարձած են իր ժամանակակիցները: 

Էջեր