Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան եւ յայտնութեան միջոցով, Աստուած, Իր նախախնամութեամբ եւ Իր Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ կը խօսի մարդուս։ Արդարեւ, բազմաթիւ եւ այլազան միջոցներով Աստուած կը ջանայ Ինքզինք ճանչցնել մարդուս եւ Իրեն հետ հաղորդ դարձնել զանոնք։
Վերջին տարիներուն՝ Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ուզէ արտասահմանի վարժարաններու հետ աշխոյժ կապեր հաստատել ու մշակութային գործունէութիւններ ծաւալել։ Այս կապակցութեամբ բեղուն աշխատանք կը տանի վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի՝ Սիպել Արբաճըք:
Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբէն Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ աշխատանքի մեկնարկի առթիւ:
Համայնքի ընթացիկ խնդիրները, որքան որ ալ հրատապ ըլլան, պատճառ պէտք չէ դառնան նոր սերունդի նկատմամբ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան:
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան ընդմիջումէ մը վերջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն
հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլու եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան՝ ի նշան խաղաղութեան:
Խաչվերացի տաղաւարի նախորդած շաբաթավերջին կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ - Արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ անդաստան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին այցելեց Մոսկուա։ Քրեմլինի պալատին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Հայնրիխ Եպսկ. Պետֆորտ-Շթրոմը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ճարտարագիտական ասպարէզի ամենէն մեծ «խաղացողներէն» մէկը՝ ամերիկեան «Կուկըլ» ընկերութիւնը 4 սեպտեմբերին նշեց իր հիմնադրութեան 20-ամեակը:
«Կուկըլ»ը որպէս սեփական ընկերութիւն՝ արձանագրուած է սեպտեմբեր 1998-ին: Երկու տասնամեակի ընթացքին «Կուկըլ»ը ոչ այնքան մեծ ընկերութենէն վերածուեցաւ միջազգային կառոյցի:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ 1928-էն մինչեւ օրս գրաւած է քուէարկողներուն քուէները ըս-տանալու առաջին դիրքը եւ աւելի քան 50 տարի կառավարութիւններ գլխաւորած է:
Այդ 50 տարիներուն ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարները յաջողեցան նուազեցնել ընկերային անհաւասարութիւնը եւ վերջ դնել ամէն տեսակի խտրականութեան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7-էն 8-ի լուսցող գիշերը, 46 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւորներէն Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972), որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժ պիտի ապրի իբրեւ սփիւռքահայ երգիծագրութեան արժանաւոր իշխանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կոնֆիկիոս կ՚ըսէ, թէ՝ «գիտուն է այն մարդը՝ որ երբեք հարցում հարցնելէ չի խուսափիր, անդադար կը հարցնէ»։
Արդարեւ, իմաստութիւնը պէտք է միանայ գիտութեան, որպէսզի կատարեալ եւ իրագործելի ըլլայ ան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագէտներ՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած է անոնց համերգը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան:
«Ունինք պետութիւն մը, կառավարութիւն մը, որ թէ՛ զօրաւոր է եւ թէ կու տայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն լոյսին տակ, այս օրերուն կարեւոր տեղ կը տրամդրուի Իտլիպին։
Նահանգը, որուն մասին գուցէ առաջին անգամ միայն վերջերս լսած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ստացած է բաւականին մեծ կարեւորութիւն, եթէ յատկապէս հաշուի առնենք, որ Իտլիպի ազատագրումէն ետք Սուրիոյ եօթ տարիներէ ի վեր ընթացող «հակամարտութիւն»ը նոր կարեւոր շրջափուլ մը պիտի թեւակոխէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ռումանահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Քոստանցա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Օշական Քհնյ. Խաչատրեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ ուխտաւորներու խումբը։
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կ՚արժէ համառօտ կերպով անդրադառնալ նաեւ Մարկոս աւետարանիչի գրութեան լեզուին։ Կ՚ըսուի, թէ բնագիրը յունարէն եղած է, սակայն ուրիշներ կը կարծեն, թէ արամերէն եղած ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակի օր, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը կը վկայէ Յիսուսի կատարած բժշկութիւններէն մէկուն, (ՄԱՐԿ. Է 31-37)։ Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 9 սեպտեմբերին։
Սուրիոյ նախագահին հրամանով հալէպի մէջ վարժարան մը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուորին անուամբ։ Այսպէս, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ:
Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՚ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւ-արեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտաւորապէս տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:
Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։
Օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ երեք ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»ի դերերգով:
Իտալացի երաժիշտ Ճաքոմօ Փուչինիի «Թոսքա»ն օփերային թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ բոլորովին նոր եւ թարմ բեմադրութեամբ: