Արխիւ
Վերջերս լոյս ընծայուեցաւ մոնթրէալաբնակ Ներկիզեան գիտնական եղբայրներու ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած դասագիրքը, որ թէ՛ համալսարանական ուսանողներու եւ թէ հետազօտութիւններ կատարող մասնագէտներու կը հայթայթէ համակարգչային օժանդակութեամբ հիմնական գիտելիքներ եւ ելեկտրականութեան ճարտարարուեստի նորագոյն կիրարկումներու մանրամասն տեղեկութիւններ, բարդութիւններ կանխելու եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու միջոցներ:
Այս տարի, Արցախի մէջ առաջին անգամ, պիտի կազմակերպուին ասեղնագործութեան դասընթացքներ:
Artsakhpress.am-ի հաղորդմամբ, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժնի վարիչ Երազիկ Դանիէլեան՝ նշած է, որ դասընթացքներուն կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները՝ առանց տարիքային սահմափակման:
Միջազգային համալսարաններու 2018-ի մարզական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Աթէնք, ուր պիտի մասնակցի քանի մը տեսակի մարզախաղերու:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին իր աշխարհացրիւ հօտին փոխանցեց Ս. Զատկի կենարար աւետիսը:
Պատրիարքարանի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի այցելել մայրաքաղաք Անգարա՝ տեսակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին վերաբերեալ՝ վերջերս համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան ժխտական լսումներու շուրջ։
Թրքահայութիւնը աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Ս. Զատիկը. «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը հնչեց՝ առիթ դառնալով ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան: Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Տօնական աւանդական ընդունելութեան առթիւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն ներկայացուցիչներ: Գումգաբու այցելեց նաեւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարներէն Մեհտի Էքէր, որ յղեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պատանեկան տարիներուս Հիւսիսային Իրլանտան միշտ ալ եղած էր մտքիս մէջ շփոթ, բայց նաեւ հետաքրքրութիւն ստեղծող երկիր մը: Նախ, որ կային երկու Իրլանտաներ, եւ միշտ չէ, որ կրնայինք այդ տարիներուն զանազանել մէկը միւսէն:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Քանի տարեկան ըլլալս չեմ յիշեր, հաւանաբար՝ 7 կամ 8: Տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք, ու կը յաճախէի Ղազար Չարըգին դպրոցը, որ տակաւին բարերարի մը անունը չէր կրեր եւ ճանչցուած էր յայտնի կուսակցական գործիչ, մտաւորական, տնօրէն Ղազար Չարըգին անունով (յետագային «Եփրեմեան», իսկ աւելի ուշ՝ «Չաթալպաշեան»):
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բոլորս պիտի ուզէինք երջանիկ ըլլալ: Սակայն լաւ չենք գիտեր այդ երջանկութեան հասնելու միջոցը: Բազմաթիւ են վեր-լուծումներն ու բացատրութիւնները այդ երեւոյթին մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մեռելոց յիշատակ» կամ ննջեցեալներու յիշատակութեան օր՝ նուիրուած հանգուցեալներու, ապրողներու աղօթքի օրն է ննջեցեալներու համար, որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք երբեք չեն մոռցուած, այլ կ՚ապրին հոգեպէս։ Կերպով մը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանգուցեալներու նկատմամբ «մեռելոց յիշատակ»ի օրը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Կենդանարար քո յարութեամբդ անմահ թագաւոր, կենդանացո զմեռեալս մեղօք, կենդանական գործովք բարեաց ըստ լուսաւոր քոց պատուիրանաց…» (Շարական)
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանը կարեւոր է այն առումով, որ մեզ կը պատրաստէ Ս. Յարութեան տաղաւարին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ Յարութիւն եւ կեա՛նք» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Քրիստոնէական հաւատքին առանցքն է Քրիստոսի այս խօսքը։ Յարութեան յոյսը եւ յաւիտենական կեանքի ճշմարտութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին նշանաբանն է՝ «քրիստոնեայ» կը նշանակէ՝ Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի ճշմարտութեան հաւատացող։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ Զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու» (Ես 6.1-2։ Ղկ 5.18-19)։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Ի քէն է Տէր՝ աղբիւր կենդանութեան եւ լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս»:
Յարութեան տօնը կը դիմաւորենք անգամ մը եւս եւ անկասկած իւրաքանչիւրս մեր հոգու մինչեւ խորքը կը զգանք նոր կեանքն ի Քրիստոս:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...
Սուրբ Յարութեան տաղաւարի մեծ աեւտիսը մեր շուրթերուն, այսօր դարձեալ զիրար կ՚ողջունենք ուրախութեամբ, սիրով եւ անկեղծութեամբ։
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի տայ իր տաղաւարի պատգամը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղարը բարձր մակարդակի շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ յառաջիկայ աշնան Երեւան պիտի այցելէ նաեւ ֆրանսախօս գործարարներու պատուիրակութիւն մը:
Թուրքիա հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Ֆրանսայի դէմ, որ որոշած է զօրք ուղարկել Մենպիչ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը Փարիզի իշխանութիւններու այս որոշման դէմ կը բողոքէ՝ այդ մէկը նկատելով զօրակցութիւն ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան։
«Հաւատամք ի մի Աստուած, ի Հայրն ամենակալ յԱրարիչն երկնի եւ երկրի … ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ … չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ…»։
Հոգ չէ թէ ինչ ահաւոր փոփոխութիւններ կատարուած ըլլան մեր այս պզտիկցած մոլորակին վրայ երկու հազար տարիներէ ի վեր, առնուազն երկու ճշմարտութիւններ կը մնան եւ պիտի մնան անփոփոխելի հաւատացեալներուս համար։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Յարգելի ու սիրելի ընթերցողներ, կը շնորհաւորեմ ձեր Ս. Յարութեան տօնը ու կը մաղթեմ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն շրջան մը։ Այո՛, նոր շրջան մը եւս կը սկսի եկեղեցական կեանքէ ներս, մանաւանդ երբ կու գանք դուրս երկարաշունչ Մեծ պահքէ մը՝ զոր ամէն մէկ եկեղեցւոյ անդամ, կը կարծեմ, որ իր կարելիութեան չափով արժեւորեց այս օրերը՝ իր անձին հոգեւոր շինութեան համար։