Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջերս հնգօրեայ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018

Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Պարզ ոճ ունի եւ բառային արժէքէն շատ աւելի բարձր է. վեր նայիլ տալով, Հայր Աստուած սորվեցուց ամէնուն. որդիներուն՝ աղաչել Հօր, Անոր գութին կարիքը ունենալով, եւ կարօտութեան կամքը Հայրը ողորմութեան եւ գութին կ՚առաջնորդէ։ Հօր կամքին համաձայն՝ պարտին ըլլալ որդիները. իսկ Հայրը որդիներուն կամքին համաձայն անոնց պէտքերը կը կատարէ եւ զանոնք իր ամբողջ մեծութեան ժառանգորդ կը դարձնէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւաքական կեանքի մէջ յաճախ վէճ կը ծագի, թէ ո՛վ է մեծը։ Արդարեւ մարդկա՛յին տկարութիւն մըն է ամէն մեծութիւն, յարգ եւ պատիւ ինքն իրեն յարմար տեսնել։ Մարդկային հոգեբանութիւն է ասիկա, թէ ի՛նք ամենէն մեծն է եւ մեծութեան արժանի՛։ Մանաւանդ երբ մարդ որոշ դիրք մը կամ ապահովութիւն մը ունի, այդ դիրքը կամ ապահովութիւնը կը հասցնէ իր գագաթնակէտին եւ ինքզինք կը համարէ ամենաբա՛րձրը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Ֆրանսահայ պատմաբանը կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագրին:
Ըստ Քլոտ Մութաֆեանի, վայրը շատ յարմար է եւ այնտեղ պիտի ներկայացուին Երուսաղէմի հայկական հարստութիւնները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ յատուկ նիստ մը գումարելով ընտրեց վարչապետը:
Երկրի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Սերժ Սարգսեան, որ առաջին քայլափոխին խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգներու մասին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնի ղեկավար, թրքագէտ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։
Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս կու գայ խստապահանջ ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին կը նշուի նաեւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Արմէն Սարգսեան պաշտօն ստանձնած է հաւատ ունենալով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի սրտին մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, գործող «Կրանտ հոթել Երեւան» («Երեւան») պանդոկէն ներս բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին: Այս ցուցահանդէսով, ըստ էութեան, մեկնարկած է «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծը, որ Երեւանի քանի մը թանգարաններուն եւ «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին համատեղ մշակութային ծրագիրն է:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ երբ կ՚ապրի ներկայ ժամանակաւոր կեանքը, պէտք է անիկա նպատակ մը ունենայ, պէտք է անցք մը նկատուի ան՝ հասնելու համար կատարեալին՝ անժամանակ կեա՛նքին։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ ներկայ կեանքով վերջանար ամէն ինչ, այլապէս իմաստ մը պիտի ունենա՞ր կեանքը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Լրագ­րող­նե­րու մօտ ըն­դու­նուած է ը­սել՝ ժա­մա­նա­կը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սի­րեր այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ բո­լոր իմ ու­սա­նող­նե­րուս կ՚ը­սեմ, որ եր­բեք մի՛ գոր­ծա­ծէք այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յօ­դուած­ներ գրե­լու ժա­մա­նակ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակառակ որ շրջան մը աշխատած եմ նաեւ հեռատեսիլի մէջ, որ կը թուի՝ աւելի գայթակղիչ տեղ մըն է, սակայն տպագիր թերթը լրագրողիս համար եղած է եւ կը մնայ առաջնային, քանի որ մանուկ հասակիս առաջին գրութիւնս տպագիր թերթի մէջ լոյս տեսած է, ինչ որ ճակատագրական եղած է յետագայ լրագրողական աշխատանքի համար՝ ճանապարհ բանալու առումով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Յար­գե­լի ներ­կա­ներ, թոյլ տուէք մին­չեւ իմ խօս­քիս սկ­­սի­լը շնոր­հա­ւո­րել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը՝ 110-ա­մեա­կի առ­թիւ, շնոր­հա­ւո­րել Ա­րա Գօ­չու­նեա­նը, ա­նոր ծնող­քը, կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք բո­լո­րով, այս նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, պահ­պա­նե­լով ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դոյ­թը, յա­ռաջ կը տա­նին շատ պատ­կա­ռե­լի կեն­սագ­րու­թիւն ու­նե­ցող այս թեր­թը…

Էջեր