Հինգշաբթի 8, Մայիս 2025
ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որու ատենախօսն էր Նազար Շիկահեր։ Միութիւնը ներկայիս կազմակերպած է զրոյցներու շարք մը, որու առաջինն էր երէկուանը։ ՀԱՅՃԱՐ-ի հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան ճարտարապետական ձեւաւորումներու վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Նազար Շիկահերի խորհրդածութիւններու լոյսին տակ ստեղծուեցաւ հետաքրքրական քննարկման մը մթնոլորտը։
Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020