Հոգե-մտաւոր

ՄԻԱԿՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միակնութեան (=monogrami) եւ բազմակնութեան (=poligami) հարցը շատ հետաքրքրական է ամուսնութեան գործի մէջ։ Նկատի ունենալով ամուսնութեան գլխաւոր նպատակը, որ է աճեցնել մարդկային սերունդը, այլ եւ ամուսնութեան բնական կողմը՝ արական եւ իգական սեռի փոխադարձ ձգտումը դէպի իրարու, պէտք է կարծել, թէ ամուսնութեան մէջ բազմակնութիւնը աւելի տեղի պիտի ունենար, քան թէ միակնութիւնը, այսինքն՝ աւելի յարմար եւ ձեռնտու պիտի համարուէր այդ երկու նպատակի համար, որ մարդ մը ունենար միեւնոյն ժամանակ քանի մը կին, եւ կին մը ունենար միեւնոյն ժամանակ քանի մը այր մարդ։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

1.- Աշտիշատի ժողով. 352 թուականին՝ որ գումարեց Մեծն Ներսէս (Տ. Ս. Ներսէս Ա. Պարթեւ. 353-373) Եկեղեցիի բարեկարգութեան եւ դաւանութեան համար։
2.- Շահապիվանի ժողով. 444 թուականին՝ որ Յովսէփ Կաթողիկոս (Տ. Ս. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452) գումարեց, 20 կանոն սահմանեց։

ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օրէնքներ բոլորովին անօգուտ եւ անիմաստ են, երբ չեն նպաստեր մարդոց բարիքին՝ կատարելութեան եւ յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, օրէնքը արգելքներու հաւաքածոյ չէ՛, ինչպէս երբեմն այդպէս կը կարծուի եւ այդպիսի համոզում մը գոյութիւն ունի, այլ ուղեցոյց մը՝ թէ ի՛նչ պէտք է ընել երջանիկ ապրելու համար՝ կատարեալ ըլլալու եւ յառաջդիմելու համար։

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կասկած չունինք, որ մանկավարժութիւնը գիտութեան ամենէն կարեւոր ճիւղերէն մէկն է եւ պէտք է ընդունինք, որ հայ ժողովուրդը գրեթէ նոյն ժամանակ եւ գուցէ աւելի ալ առաջ սկսաւ հետաքրքրուիլ մանկավարժութեամբ՝ քան այսօր որպէս «զարգացած» նկատուող պետութիւնները:

ՄՇԱԿՈՅԹԸ… ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մշակոյթի՝ Հայ մշակոյթի շաբաթ է. շաբաթ անվերջանելի՝ մշտնջենաւոր, յաւերժական… քանի որ մշակոյթը, ժողովուրդի մը ինքնութի՛ւնն է, նկարագիրը եւ գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի՝ առաջնակարգ ազդա՛կը։

ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ գրականագէտ, բանաստեղծ, արձակագիր ու լրագրող Պեպօ Սիմոնեան կը բարձրաձայնէր մեքենաներու մարդոց վրայ ունենալիք ապագայ յաղթանակին մասին. Սիմոնեան այս հարցին մասին կը գրէր այնպիսի թուականի մը, ուր տակաւին արհեստագիտութիւնը այսքան յառաջդիմած ու զարգացած չէր, կազմուած չէր արհեստական բանականութիւնը եւ այնքան մեծ վտանգ գոյութիւն չունէր՝ ինչքան այսօր:

Էջեր