ՅԻՍՈՒՍԻ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս, լերան վրայ խօսած քարոզին մէջ՝ թանկագին դասեր սորվեցուց Իր աշակերտներուն՝ Աստուծոյ ապաւինելու, վստահելու անհրաժեշտութեան նկատմամբ։ Այս դասերը նպատակ ունէին քաջալերելու Աստուծոյ զաւակները բոլոր դարերու եւ շրջաններու մէջ, ու մինչեւ մեր օրերը՝ մեզի կը հասնին անոնք, մեզ խրատելու եւ սփոփելու համար։