ԽԱՂԱՂԱՒԷՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի մէջ՝ Քրիստոսով ապրուած կեանք մը խաղաղ ու հանգստաւէտ կեանք մըն է։ Եւ այս խաղաղ կեանքը վստահութիւն կը ներշնչէ մարդուն՝ որ կարօտը ու պահանջքը ունի ապահովութեան եւ պէտքը կը զգայ միշտ վստահելի անձնաւորութեան մը։