ՍՈՒՏԻՆ ԵՒ ԻՐԱՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուշադրութիւն եթէ դարձնենք, սիրելի՜ներ, սա մեր ապրած կեանքին, հոն պիտի տեսնենք որ անհամար հակադրութիւններ կը գտնուին՝ որոնք որոշելու, զատելու եւ անոնցմէ նպաստաւորը, օգտակարը ընտրելու եւ ըստ այնմ մեր կեանքին ընթացք մը տալու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք։ Եւ ասիկա լուրջ պատասխանատուութեան հարց մըն է, թէ՛ մեր անհատական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին համար։