ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հռոմայեցիներու նամակին Դ գլխուն մէջ Առաքեալը կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալ»ու վարդապետութիւնը վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքին Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդա՛ր» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար։
Գործի փոխարէն բան մը տալ պարտք վճարել է եւ ո՛չ թէ շնորհ ընել։ Առաքեալը մէջ կը բերէ նաեւ Դաւթի խօսքը՝ թէ. Երանի՜ այն մարդուն, զոր Տէրը կ՚արդարացնէ անոր մեղքերուն ձրի թողութիւն տալով։