ՆՈՐ՝ ՈՐ ՀԻՆԷՆ ՉԻ ՏԱՐԲԵՐԻՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը մեզ հասցուց այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հէքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել: