ԴԺՈՒԱՐ Է… ԲԱՅՑ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Բարի Լոյս»ին հետ միատեղ ըսաւ. «այս դարուս հայր ըլլալը դժուար է». մէկ կողմէ իր երկու զաւակները առաջնորդելով ինքնաշարժ, որոնցմէ մին, գաւաթը ձախ ձեռքին, իսկ աջին՝ գիրքերու տրցակ: Ըսի. «Հայր ըլլալն ալ դժուար է, զաւակ ըլլալն ալ, վերջապէս ապրի՛լը դժուար է», ու միտքերս թռան հոս ու հոն, կեանքի զանազան հանգրուաններու դժուարութեանց, սակայն հարցին միւս երեսն ալ կայ. միթէ՞ դժուարութիւն է կեանքը, չկա՞յ զայն հակակշռող այլ ուժ, հոգեկան, որ շատ աւելի ուժեղ ըլլայ եւ ազդու. կամ՝ մտածում. ու յիշեցի, որ կրնայ խաւար գիշերի մէջ զգացում մը քեզ յիշեցնել Մեծարենցի «Գիշերն անուշ է գիշերն հեշտագին» երգը ու հոգիդ «լեցուի հաշիշով օծուն ու բալասանով» ու ոգեշնչուիս ու վերանաս կարծես կը շնչես բոյրը գարնանային ծաղիկներու, մոռնալով պահ մը առարկայական կամ առօրեայի ցաւերը: