ԼԻԲԱՆԱՆ. ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔԸ ՈՐՈՇ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հարցը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահի ընտրութենէն ի վեր երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ ընտրական նոր օրէնք մը հրապարակելու հարցը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարուն է: Երեւանի անզուգական կլիման կը զգլխէ մեզ: Օրը պայծառ կը սկսի, անձրեւն ու կարկուտը կ՚այցելեն յանկարծ, մինչ արեւը հոն, վերէն զիրենք դիտելով մերթ ամպերուն մէջէն ստուերոտ յայտնութիւն մը կը պարզէ, մերթ կը կորչի, կարծես անհանդարտ զաւակներուն չարաճճիութիւնները խաղաղեցնող մայր մ՚ըլլայ. այսպէս կը վիճին չարուկները մինչեւ մութը պատէ ու ամէն ոք յոգնած մտնէ քնանալու:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Արարչագործութեան ընթացքին Աստուած պատահաբար չստեղծեց Տիեզերքը եւ անոր վրայ գտնուող բոլոր հրաշալիքները։ Ոչ ալ պարզապէս պատահականութեամբ է, որ քեզ գոյաւորեց, շնչաւորեց, շնորհքներով օժտեց եւ այս աշխարհին վրայ դրաւ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Շարունակելով Ատրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ՝ Մալթայի դրամատան մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
6 Յունիս 1982 թուականին Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշում կ՚ընդունէր լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու սկսիլ Լիբանանի դէմ: Իսրայէլի նպատակը մէկն էր, մահացու հարուած տալ Եասէր Արաֆաթի ղեկավարած ՊԱԿ-ին (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն), որ սկսած էր դառնալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները վտանգող զինուորական ուժ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկիրներ կառավարող, իշխանութեան վրայ գտնուող կիներուն մասին տարածուած ենթադրութիւն մը կայ, թէ ղեկավարող կիները իրենց պաշտօնակից այրերէն աւելի հակուած են դիւանագիտական մօտեցումներու, որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ աւելի խաղաղ աշխարհ մը: Բայց որքանո՞վ ասիկա ճշմարտութիւն է: Կան մասնագէտներ, որոնք հակառակին ապացոյցները ունին:
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը (ՊՀԵԵ միութիւն) սփիւռքահայ հնագոյն կազմակերպութիւններէն մին է:
Այսօր անիկա արդէն 90 տարեկան երիտասարդն է: Հակառակ անոր որ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն բերումով ենթակայ է բազում դժուարութիւններու, սակայն տակաւին պատնէշին վրայ կանգուն կը մնայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Պաղեստինը պաղեստինցի արաբ ժողովուրդին երկիրն է: Եւ այդ հողին վրայ հաստատուած է իսլամութիւնը ու տարածած իր վսեմ գաղափարները»։
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Արդէն քանի մը ամիսներ անցած են Թրամփի վարչական իշխանութենէն, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէ Պրն. Նախագահին արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յստակ է, սակայն, թէ ինչ որ յատկանշեց, ընտրարշաւի ատեն, Տանըլտ Թրամփի գրգիռը, մարտունակութիւնը եւ անփութութիւնը, վերապրած են ու կը շարունակուին։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով՝ կաշառատուութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ՝ հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն: