Փտածութիւնը Փորձութեան Կը Մղէ Պուտտայականները
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխարհի մէջ երբ բոլոր արժէքները խախտած են, եւ մարդոց մէկ կարեւոր մասը մակերեսային եւ եսակեդրոն դարձած է, այլեւս բնաւ զարմանալի չեն թուիր անբարոյականութեան եւ փտածութեան բացայայտումները, նոյնիսկ այնպիսիներու, որոնք կոչուած են ատոնցմէ զերծ մնալու, ատոնց դէմ պայքարելու: Այլեւս որքա՜ն դժուար դարձած է սկզբունքներու հաւատալը եւ մանաւանդ՝ այդ սկզբունքներուն չդաւաճանելը: