Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Կազմաւորումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը՝ չկրկնուող թեկնածութիւններ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ այս առաւօտ յայտարարութիւններ ըրաւ թերթիս։ Պատրիարքարանի երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր անունը յաճախ եկաւ օրակարգի վրայ՝ որոշ չափով քննադատական շեշտով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կաթիլ մը հպաւ:
Մեծ կաթիլ մ՚էր անձրեւի:
Որքան հաճելի հպում մ՚էր,
Խորհրդածութեամբ տաքցած գլխուս վրայ:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովի աշխատանքները աւարտելէ ետք ուզեցի դարձեալ այցելել Հայաստանի պատմական որոշ վայրեր: Տեսած էի Գառնին, Գեղարդը եւ Խոր Վիրապը, բայց բնականաբար կ՚արժէր զանոնք նորէն տեսնել:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ըստ Մէքս Ուէպըրի, մշակոյթը ընկերային գիտութիւն է, որ կ՚առընչուի առաւելաբար հաւաքականութեան մը տուեալներուն հետ, եւ որուն միջոցաւ մարդիկ կ՚ապրին իրենց կեանքերը նոյնինքն այդ տուեալներուն մէջ եւ մէջէն, եւ որ իրենց համար կը դառնայ իւրայատուկ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հնդկաստանի հանդէպ մեր շատ յաճախ ունեցած ըմբռնումները իրաւացի չեն եւ կը պատկանին անցեալին: Կրթութիւն, բժշկութիւն, առողջապական ոլորտ, տնտեսութիւն, ջերմուժ, այլընտրանքային տնտեսութիւն, բանակ եւ տարբեր ոլորտներ այսօր հասած են բաւական բարձր մակարդակի: Ու այդ բոլորին շնորհիւ է նաեւ, որ միջազգային ընտանիքին անդամ Հնդկաստան աշխարհին կը ներկայանայ որպէս աճ ապրող երկիրներու կարգին առաջնակարգ դիրք գրաւողներէն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երազը իր կամքէն անկախ տեղի ունեցող պատկերներու, գաղափարներու եւ զգացումներու յաջորդականութիւնն է։ Երազի բովանդակութիւնը եւ նպատակը հասկնալու համար որոշ լուսաբանութիւն մը կարելի չէ տալ։ Բազմաթիւ գիտնականներ ուսումնասիրած են երազը, որ աւելի վերջ եղած է փիլիսոփաներու ուսումնասիրական առարկան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան մէջ Մոսատի նախկին համակարգող Էլիազար Ցեւրիր «Մաարիվ» պարբերականին մէջ յօդուած մը գրելով դրուատիքով խօսած է Էրպիլի մէջ հանրաքուէ կայացնելու քայլին մասին: Ցեւրիր երկար տարիներու իր լռութիւնը հատելով նաեւ ըսած է, որ քիւրտերը մեծ ժողովուրդ են եւ անոնք արժանի են «մեծ պետութիւն» մը ունենալու:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ նոր չէ այս երեւոյթը, որուն մասին դարերու ընթացքին գրած են, պայքարներ մղած, ըմբոստութեան, յեղափոխութեան դիմած են, պատերազմած…