ՆԱՄԱԿՆԵ՜Ր… ՃԱԿԱՏԱԳԻՐՆԵ՜Ր…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն մէջ, երբ հաղորդակցութեան բազմաթիւ գործնական եւ արագ միջոցներ ամէն օր կը ստեղծուին, տակաւին նամակատան եւ նամակաբաշխի միջոցով նամակներ ստանալը տարբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Մանաւանդ ձեռագիր նամակները աւելի անմիջականութիւն ունին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը:
Նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամենէն բնորոշ գիծը աննախատեսելիութիւնն է: Ներքին քաղաքականութեան պարագային դժուար չէ կանխատեսումներ ընել, որովհետեւ ան քաղաքական ասպարէզ մտաւ քանդելու համար այն իրագործումները, որոնք առաջադրուած էին իր նախորդին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ կենսոլորտի մաքրութեան պաշտպանութիւն, բժշկական եւ առողջապահական խնամքի մատչելիութիւն, եւ այլն: Այսօր որդեգրուած օրէնքներու ջնջումով կը շահի ճարտարարուեստը, կը սահմանափակուին ճարտարարուեստական թափօններու վրայ դրուած օրէնքները, քարիւղային հետազօտութիւններ կը կատարուին անաղարտ պահպանուելու սահմանուած տարածութեանց մէջ, եւ այլն: