ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ. 100-ԱՄԵԱԿ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
1930-ական թուականներուն, Երեւանի Լենինի՝ այսօր Մաշտոցի անուան պողոտայի, «Մարգարեան» ծննդատան հատուածին անցորդները, ամիսներ շարունակ, երեւի ամէն երեկոյեան նոյն տեսարանին կը հանդիպէին.
Հայեացքը ծննդատան դիմաց գտնուող նորակառոյց շէնքի պատուհանին կառչած, մայթին վրայ շարունակ անցուդարձի մէջ եղող դպրոցական պատանի մը...