Հարթակ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ՍՈՒՐ Է. ԱՍՈՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՆ ԷԻՆ»

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Բանաստեղծ, գրաքննադատ ու մանկավարժ Յարութիւն Պէրպէրեան ծնած է 1951 թուականին Հալէպ: Աւարտած է Լիբանանի Սոֆիա Յակոբեան ազգային երկրորդական վարժարանը:

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցեալ յուլիսին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի դէպքերը տեղի ունեցան, մէկէ աւելի վերլուծաբաններ գրաւ դրին այն թատրերագրութեան վրայ, թէ Ատրպէյճան-Հայաստան զինեալ բախումները պիտի դառնան տարողունակ պատերազմական գործողութիւններու, որոնց ծանրակշիռ կերպով պիտի ներգրաւուին Թուրքիան ու Ռուսաստանը։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսօրուան մեր նիւթը կ՚ընդգրկէ բնազդը, որ ի գոյ է թէ՛ մարդ արարածին մէջ եւ թէ ալ կենդանիին։ Մարդ արարածը՝ բնազդին կողքին օժտուած է նաեւ տրամաբանութեամբ, որ զինք կը գերադասէ կենդանիէն։

ԱՌԱՔԻՆԻ ԵՒ ԱՆԳԻՆ ՄԱՅՐԵՐ

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Արցախի դէմ կրկին շղթայազերծուած պատերազմը ցնցեց Հայաստանն ու սփիւռքը: Ամէն վայրկեան Արցախեան կռիւներուն մասին լուրերու փնտռտուքը, նոր բարձունքներ նուաճելու աւետիսի որոնումը, թշնամիին արժանի դաս մը տալու կամքը, ռազմաճակատին՝ հայ զինուորին կողքին ըլլալու բուռն տենչը, մեզի համար դարձան ամէնօրեայ առաջնահերթութիւններ, իսկ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը վերածուեցաւ հանապազօրեայ աղօթքի:

«ԱՏՈՆԻՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐԷՆ» (Բ.)

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

- 15 -

Եթէ կը կարծես, որ քամիին խօսքերով զիս կը համոզես,
Ուրեմն՝ փաստերդ գրէ ջուրին վրայ:

- 16 -

Թռչունները ըսին իրենց կոկորդներուն.
Մի՛ յամառիք,
Որոշեցինք երգելէ դադրիլ:

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

 -Ո՜վ Ռոնտա. աղօթքը չ՚օգնե՞ր միտքի մաքրութեան:
Աղօթքը առանձինն բաւարար չէ: Մարդ եթէ իր աղօթած ժամանակ մէկ քիլօ խունկ վառէ, մինչ իր միտքը վատ մտածումներով լեցուն է՝ պիտի չօգտուի, որովհետեւ հրամանը միտքէն կ՚ուղղուի դէպի սիրտը, որով մարդը հրէշ կը դառնայ:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ եթէ երկաբնակը ըսէ, թէ Քրիստոս Աստուածութեամբ կը ճանչնայ Հայրը ամբողջ եւ կատարեալ, իսկ մարդկութեամբ՝ չափաւոր կերպով կը ճանչնայ, որովհետեւ մարդկութիւնը ստեղծուած ու չափաւոր է, այդքան [այսինքն կատարեալ] չի՛ կրնար ճանչնալ:

ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀՐԱԴԱԴԱՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռուս փորձագէտ Սթանիսլաւ Դարասով համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային հրադադարը նոր ձեւաչափով մը պիտի ըլլայ։ Արցախի մէջ հրադադարի վերաբերեալ միայն մէկ պայմանաւորուածութեամբ պատերազմական գործողութիւնները պիտի չդադրին։

ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿՄՏԱՆՔ. ԿՈՂՄԵՐԸ ՊԻՏԻ ՈՐԴԵԳՐԵ՞Ն «Ո՛Չ ՅԱՂԹԱՆԱԿ, ՈՉ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՆԱՁԵՒԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ այս տողերը թուղթին կու տամ, Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ դարձեալ կը հրթիռակոծուի։ Կը հրթիռակոծուին նաեւ Շուշին, Մարտակերտը ու ամենակարեւորն է, որ շաբաթ կէսօրին յայտարարուած հրադադարը դարձեալ յայտնուած է փլուզելու վտանգին առջեւ։

Էջեր