ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը այսու գրիւ կու գան մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն, մերազն համայնքային շրջանակներուն, հայաշխարհի մեր պաշտօնակիցներուն ու հաստատութիւններուն եւ ամբողջ հանրութեան տեղեկացնել, թէ այսօրուան դրութեամբ թերթիս անձնակազմէն պաշտօնապէս դուրս եկած է Սեւան Տէյիրմենճեան, որ կ՚աշխատէր որպէս խմբագիր։
Ժողովրդական իմաստութիւնը կատարեալ կը ցոլացնէ կեանքի առարկայական ճշմարտութիւնները. դիպուկ, պարզ ու խորքային։ Ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ, մանաւանդ, գիտնականներու տեսութիւնները որքան որ ալ ամուր բանաձեւուած ըլլան, պատճառահետեւանքային կապերը որքան որ ալ բիւրեղացած ըլլան՝ ժողովրդական իմաստութիւնը կու գայ զանոնք լրացնել իր փորձաքարով։ Սա չափանիշ է, միանշանակ...
Եւ ահա՛ նոր այգաբաց մը... Հայ մամլոյ նահապետը կ՚ողջունէ հերթական արշալոյսը՝ որպէս կերպար ականատեսի, որպէս մարմնաւորում յիշողութեան եւ որպէս գործնական ապացոյց առաքելութեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 108-րդ տարին։ Սա այս թերթի յաղթական ու փառապանծ երթի թարմ ու շէնշող տարեմուտերէն մին է։ Սա այս թերթի ուրոյն գործունէութիւնը նորովի կշիռքի վրայ դնելու օրն է, անոր եզակի ժառանգութիւնը թարմ հայեացքով դիտարկելու պատեհ առիթը։ Պատկառելի այդ ամբողջին մէջ, ակնթարթի մը տեւողութեանմբ շունչ քաշելու պահն է այսօր՝ տարի մը եւս դիմանալու, տարի մը եւս դիմադրելու ու եւս տարի մը բոլորած ըլլալու համար։
24 Ապրիլ 1915… 24 Ապրիլ 2015… Հարիւր տարի, 100-րդ տարելից… Մեծ եղեռնէն դար մը անց, այսօր համայն հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ իր բիւրաւոր նահատակները, կը վերյիշէ զոհերը, որոնց դէմ գործուած ոճիրը յաջորդած տասնամեակներուն պայմանաւորեց մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն սահմանումները, բնորոշումը։