ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 110 տարեկան…
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխեց իր հրատարակութեան 110-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը 28 հոկտեմբերին դարձաւ 110 տարեկան։ Իր գոյութեան երկրորդ դարուն մէջ ան արդէն բոլորեց տասնամեակ մը եւս։ Ուրեմն ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ողջունէ նոր տարի մը, նոր հանգրուան մը՝ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ինքնավստահ ու մանաւանդ՝ իր հաւատարիմ ու սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ուս ուսի, սիրտ սրտի։