ԹՈՒԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արխիւի եօթանասուն տոկոսի դասաւորումը արդէն աւարտած է։ Աներեւակայելի քանակութեամբ լուսանկարներէ եւ իրերէ կը բաղկանայ այդ արխիւը, որու դասաւորման սկզբնական փուլերուն մասնակցած էր նոյնինքն Արա Կիւլէր։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ մէկուկէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցան Տաւոսի մէջ՝ անպաշտօն ձեւաչափով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ան կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպում մը։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին պատմականօրէն կարեւոր նշանակութեամբ փաստաթուղթ մը։ 1963 թուականին երկու երկիրներու այդ շրջանի ղեկավարներուն՝ Շարլ տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի կողմէ ստորագրուած Էլիզէի համաձայնութենէն 56 տարի անց երկու երկիրները վերահաստատեցին ու թարմացուցին իրենց յանձնառութիւնները։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը կ՚արժեւորէ մեծ բանաստեղծուհիի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա դատապարտուած չեն թշնամիներ ըլլալու։
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման պարագային անմիջական շփման մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ:
Հայաստանի վարչապետը մէկտեղուեցաւ Զուիցերիոյ գործարար շրջանակներուն հետ:
CCAV-ի ջանքերով ֆրանսահայ համայնքէն ներս յառաջ կը տարուի դպրոցաշինական կարեւոր ծրագիր մը:
Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի համար պիտի յատկացնեն 700 միլիոն եւրօ՝ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ այս ամբողջին մէջ գանձատրումը նախատեսուած նախագիծերու մեծ մասը կը վերաբերի «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան։