Մ. ՍԱՐԸԿԻՒԼ ՄԻԱՑԱՒ ՏՍՓ-ԻՆ
Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ միացաւ ՏՍՓ-ին։ Ինչպէս ծանօթ է, թեկնածութեան առաջադրման յապաղման պատճառով Սարըկիւլ վերջերս դուրս եկած էր ՃՀՓ-ի շարքերէն։
Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ միացաւ ՏՍՓ-ին։ Ինչպէս ծանօթ է, թեկնածութեան առաջադրման յապաղման պատճառով Սարըկիւլ վերջերս դուրս եկած էր ՃՀՓ-ի շարքերէն։
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ ելմտական աջակցութիւն ցուցաբերել ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղեալ կառավարական ծրագրերուն:
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման բանակցութիւններու եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան երէկ այցելեց Հայաստան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Ճոն Պոլթըն առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին երէկ այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը երէկ համերգ մը տուաւ Երեւանի Օփերային մէջ:
Մեծ վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ մշակուած է բազմաբովանդակ ծրագիր մը:
«Քալաշնիքով» ռազմական արտադրութեան ռուսական յայտնի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Պարիշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկխօսութեան յանձնախումբը այս օրերուն հերթական ժողով մը կը գումարէ Վատիկանի մէջ։ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբի 16-րդ հանդիպումն է այս մէկը։
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Արմէն Ռուստամեան սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը:
Խորհրդարանէն այս շրջանին դուրս մնացած ըլլալը պիտի չխանգարէ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է, կը պատրաստուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի խօսքով՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտին պիտի վերադառնան միլիոնաւոր գաղթականներ:
Թուրքիա մօտաւոր ապագային անդորրութիւն պիտի ապահովէ նաեւ Եփրատի արեւելքին՝ հարուած հասցնելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն: