ՇԻՆԻՉ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
«Իշխանութիւնները կը բանակցին այնքան, որքան լիազօրուած են։ Բանակցութիւններու երթալու ատեն պիտի չվախնանք ներսիններէն կամ դուրսիններէն»:
Նիկոլ Փաշինեան. «Աշխարհի վրայ բազում դիրքորոշումներ գոյութիւն ունին՝ անկախ մերինէն։ Կարո՞ղ ենք արդեօք ձեւակերպել ընդհանուր դիրքորոշում մը»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եացէք Չափութովիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղեալ քայլերուն եւ ծրագրերուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ twitter-ի վրայ ցաւակցական մը հրապարակեց Յարութիւն Շանլըի մահուան առթիւ։ Ֆահրետտին Ալթունի գրառման մէջ նշուած է հետեւեալը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է խօսակցութիւնը։
Նախագահ Էրտողան. «Եթէ կանոններուն խստագոյնս չհնազանդինք, ապա փոխարժէքը բոլորով կը վճարենք»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս:
Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիք Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց համապատասխան հրամանագիրը, որով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին ընդառաջ Էրիք Գրիգորեան ազատուեցաւ նախարարի պաշտօնէն։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը իրականացուցին Եւրոմիութեան հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէիի հետ։ Այս վերջինը նոր նշանակուած է իր պաշտօնին։
Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկուին։
Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ բարձր գնահատանքի արժանացուցած է Հայաստանի ձեռքբերումները, որոնք արձանագրուած են վերջին երկու տարուան ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան արձանագրած է Freedom House-ի զեկոյցի պատմութեան մէջ ժողովրդավարացման ամենաբարձր ցուցանիշը։