ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ. ԲԱԶՈՒՄ ԶՈՀԵՐ
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի սրտին վրայ հազարաւորներ մնացին փամփուշտներու տարափի տակ։
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի սրտին վրայ հազարաւորներ մնացին փամփուշտներու տարափի տակ։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ թափով, ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ գիշերը ռազմաճակատի զանազան ուղղութիւններու վրայ մարտական գործողութիւնները ընթացած են տարբեր խտութիւններով։
Ըստ Իլհամ Ալիեւի, Ատրպէյճան կողմնակից չէ երրորդ երկիրներու հակամարտութեան միջամտելուն:
Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնը կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով շեշտեց, որ Ատրպէյճան բռնութիւնը կը շարունակէ Արցախի դէմ, կ՚ոչնչացնէ խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը կիրառէ արգիլուած զէնքեր։
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան նպատակն է հակամարտութիւնը կարգաւորել տարածքաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ։ Ան շաբաթավերջին աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Ամէն օր քիչ մը աւելի մտահոգիչ լուրեր կը հասնին հակամարտութեան գօտիէն։ Երէկ, հայկական կողմը ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է օգտագործել զանազան զէնքեր, որոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան որոշած են կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի առկայ մթնոլորտին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի ջանքերով հասունացուած ծրագիր մըն է այս մէկը։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։