ՔԱՆՍԱՍԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր շարքով կ՚անդրադառնայ աշխարհի յայտնի եւ անյայտ գրադարաններուն։
Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող գրադարաններու նկատմամբ հանրութեան հետաքրքրութիւնը առաւել գրաւելու նպատակով Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր շարք մը նախաձեռնած է:
Հարաւային Քորէայի մէջ վաճառքի հանուած է շուներու զգացումները ստուգող «խելացի» վզկալ, որ կրնայ որոշել կենդանիի յոյզերը՝ հիմնուելով հաչոցի վրայ: Այս լրատուութիւնը կատարած է «Reuters» գործակալութիւնը:
Գանատացի նկարիչը արուեստի 3D գործեր կը ստեղծէ աւազի օգնութեամբ։
Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի Մոսկուայի վերջին հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին. Անդրկովկասի պարագային հորիզոնի վրայ փոփոխութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Հայաստանի մէջ ժողովուրդը կը շարունակէ սգալ Արցախի վերջին լայնածաւալ պատերազմի նահատակները։ Հազարաւոր զոհուած երիտասարդներու կորուստով պայմանաւորուած խոր սուգը համակած է ամբողջ երկիրն ու հայաշխարհը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շաբթուայ սկիզբին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ երկու նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի վերջին հանդիպման արդիւնքները կը մեկնաբանուին՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ