ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԹԵՐՈՒ ԵՒ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ ԵՒ ԴԱՍԱԴՈՒԼ
Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսը կը շարունակուի հետզհետէ աւելի խորանալով եւ առաւել մտահոգիչ հաւանականութիւններու դուռ բանալով։ Յետպատերազմեան ծանր ձախողումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ պահել իշխանութիւնը, մինչ ընդդիմադիր շարժումը օրէ օր կը ծաւալի անբաղդատելի ձեւով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Քոչարեանի գրասենեակը յայտարարած է, որ այս ուղեւորութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ ու կը տեւէ երեք օր։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին յարմար առիթով տեղի պիտի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, նախագահը պիտի փոխուի:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով հանդերձ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման հարցը ներկայիս դարձած է հրատապ օրակարգ։ Շաբաթավերջին հրադադարով հանդերձ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի հակակշռին տակ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան երէկուան իր հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի խախտման դէպքերուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կորսնցուց իր հայրը՝ Վովա Փաշինեանը։ Վարչապետի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ հանգուցեալը 80 տարեկան էր ու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։
Հայաստանի մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Երկիրը կը տառապի Արցախի ծանր պատերազմի հետեւանքով կրած պարտութեան տակ։ Բոլորի համոզումը այն է, որ ձախողումը յաղթահարելու առաջին նախապայմանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռանալն է։ Կ՚երեւի այս ուղղութեամբ համամիտ չէ միայն վարչապետ Փաշինեան։
Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով յետպատերազմեան իրավիճակի սարսափելի քաոսը կը շարունակուի։ Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ յառաջացած ծանր մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ աննկարագրելի եւ անհաւատալի տկարութիւններ խնդրոյ առարկայ կը դառնան Հայաստանի կողմէ, ինչ որ միանշանակ կը վերագրուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մատնուած անգործութեան։
Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շախպազովը։ Այս առթիւ երկու նախարարները յուշագիր մը ստորագրեցին՝ Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան բնական կազ մատակարարելու հարցին շուրջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գոյացած փոխադարձ ըմբռնումի մասին։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ձախողումով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ ցասումը կը շարունակուի եւ հրաժարականի պահանջը կ՚արտայայտուի հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով։ Օր չ՚անցնիր, որ Հայաստանի մէջ տեղի չունենան բողոքի ցոյցեր, հանրահաւաքներ կամ երթեր, որոնց միջոցաւ ժողովուրդը կ՚արտայայտէ իր անվստահութիւնը իշխանութեան դէմ։