ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԸ
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները կը մնան անձեռնմխելի: Վարչապետի յայտարարութիւնները չեն արդարանար դաշտի վրայ: Գերիներու փոխանակման ծիրէն ներս Ատրպէյճանին վերադարձուեցաւ՝ Արցախի մէջ անչափահաս մը սպաննած երկու սահմանախախտ դատապարտեալ: Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւան հասաւ 44 ռազմագերի:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շաբաթավերջին պատահած բախումները, հրադադարի խախտումներու զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ հայկական երկու գիւղերու եւս գրաւումը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս տիրող իրավիճակին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի դիմագրաւած լուրջ տագնապի մթնոլորտին մէջ։ ՀԲԸՄ հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է, ունի աշխարհատարած ցանց մը եւ հայոց սփիւռքին տեսակէտէ ամենաներկայացուցչական կառոյցներէն մին կը համարուի։
Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ առաջին անգամ շաբաթավերջին բախումներ տեղի ունեցան:
Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ շաբաթավերջին տեսակցեցաւ Վիսքոնթիի եւ Շեֆըրի հետ. «Ես չէ, որ այստեղ հրաւիրած եմ ձեզ»:
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ փակուղիին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ զանազան մակարդակներու վրայ շփումներն ու խորհրդակցութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ամբողջ երկրէն ներս կը շարունակուին զանազան ձեւաչափերով բողոքի ցոյցերը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման համար նախատեսուած Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ դիտարկման կեդրոնը պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանէն ներս։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները ընդունելով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։