Լրահոս

ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԸ ԲԱՑԱՌԵԼ

 Նախագահ Արմէն Սարգսեանէն կարեւոր դիտարկումներ. «Ապագան մենք ենք՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն, միաւորուած ընդհանուր պատմական յիշողութեամբ,
ինչպէս նաեւ մեր երեխաներու եւ նախնիներու նկատմամբ պարտքով։ Անոնք դարեր շարունակ պայքարած են սեփական անկախ պետութիւն ունենալու համար։ Մենք պարտաւոր ենք խորապէս գիտակցիլ եւ արժեւորել միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր պետականութեան գոյութեան փաստը։ Պէտք է ամէն ինչ ընել մեր պետութիւնը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար՝ որպէս հիմնական համազգային գաղափարախօսութիւն, որպէս կարեւորագոյն համահայկական արժէք»:
«Սահմանափակ աշխարհաքաղաքական եւ բնական պաշարներով, փոքր երկիրներու գոյատեւումը եւ զարգացումը առաւելապէս կախեալ են պետութեան որակէն, պետական կառավարման որակէն եւ մարդկային ներուժի հետ որակեալ, համակարգուած աշխատանքէ։ Մենք պէտք է հրաժարինք աճպարարական գործունէութենէ եւ պէտք է անցնինք բովանդակային գործունէութեան»:

ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՎԻԺԵՑՆԵԼ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս առթիւ Մաքրոն Փաշինեանը շնորհաւորեց վարչապետ վերանշանակուելու կապակցութեամբ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՅԱՅՏՆԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Նորընտիր խորհրդարանը, որ ընտրուեցաւ վերջին արտահերթ ընտրութիւններով, երէկ առաջին փոխ-նախագահ ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը։

«ԹԻԹԱՆԻՔ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԼՈՒԶՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգին մէջ կը գտնուի «Թիթանիքի» թանգարանը, որու պատին վրայ պատկերուած է սառցաբեկոր մը, որ փլուզուած է: Ըստ թանգարանի ֆէյսպուքի էջին, միջադէպի հետեւանքով երեք այցելու տուժած է:

ՆՈՅՆ ԴԷՄՔԵՐՈՎ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Ալէն Սիմոնեան խորհրդարանի նախագահ, Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ վարչապետ, Սուրէն Պապիկեան փոխ-վարչապետ, Արշակ Կարապետեան պաշտպանութեան նախարար, Գնել Սանոսեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, Լիլիթ Մակունց Ուաշինկթընի մօտ դեսպան:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին. «Ռուսաստան պատրաստ է շարունակել շինիչ երկխօսութիւնը եւ համատեղ աշխատանքը՝ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային օրակարգի արդի հարցերուն շուրջ»:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿՐԱԿԵՑԻՆ ԵՐԱՍԽԻ ԵՒ ԿՈՒԹ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ օր չ՚անցնիր առանց բախումի եւ մտահոգիչ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան երէկ հրադադարը երկու անգամ խախտած է սահմանի վրայ։

ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը հանդէս եկան ելոյթներով:
«Ազգային եւ հասարակական համերաշխութեան այլընտրանք չկայ։ Առաջնահերթօրէն այս խորհրդարանէն, կառավարական համակարգէն պէտք է սերմանուի սէրը, փոխադարձ հասկացութիւնը, բարի կամեցողութիւնը», ըսաւ Վեհ. Հայրապետը ամպիոնէն:

ԷՐՏՈՂԱՆ-ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն։

ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՐՄԷՆ ՇԷԿՈՅԵԱՆԻՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գրող Արմէն Շէկոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ հայ գրականութեան արդի վարպետին, մինչ հոծ թիւով յուղարկաւորներ վշտակցեցան իր սգաւոր ընտանիքին։

Էջեր