ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ճգնաժամերը նորէն կը դնեն երկիրը ճակատագրական շրջանի մը առջեւ։ Ամերիկեան վերջին ճնշումները եւ սահմանային լարումները պարզօրէն ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը երբեք Լիբանանի կայունութիւնը չէ, այլ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն անվտանգութիւնը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը իրերայաջորդ կ՚անդրադառնայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց երկրի կառավարութեան դէմ, որու գլուխը կը գտնուէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր կ՚ընդունի վարչապետ Պայրուի հրաժարականը եւ այսպէսով կը սկսի երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը։
Այսօր վերամուտ է։ 2025-2026 կրթական շրջանը պաշտօնապէս կը բացուի Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններուն մէջ։ Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ ալ զուգահեռաբար կը հնչէ առաջին զանգը։
Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրերէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչներու ժամադրութիւն:
Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ քննարկումներ ծաւալուած են՝ Հայաստանի հարաւով անցնելիք TRIPP անցուղիին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ փառաշուք եւ յուզումնախառն յուղարկաւորութիւն մը, որով յաւերժութեան ճամբուեցաւ մեր համայնքէն լուսահոգի, նորոգ հանգուցեալ Պօղոս Սէյրեք։
Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ նախանշուեցան ռազմավարական համագործակցութեան ապագայ խորացման ուղիները:
Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ երէկ քննարկուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ փոխադարձ այցելութիւններ իրականացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքները։