ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՄԱՆ ԺԱՄԿԷՏԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏԱԿԱԻՆ ՎԱՂ Է»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի եւ յարակից ենթակառուցուածքներու վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն, ժամկէտներու մասին խօսելու համար տակաւին վաղ է: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ: Վարչապետը լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի եւ յարակից ենթակառուցուածքներու վերականգնման ուղղեալ առաջին աշխատանքային խումբի ստեղծման: Այս առթիւ ան ըսաւ. 

«Մենք կ՚աշխատինք այս ուղղութեամբ եւ այս պահուն ժամկէտներու մասին տակաւին չեմ կրնար որեւէ բան ըսել, որովհետեւ բազմաթիւ թեքնիք գնահատման աշխատանքներ կան: Հիմա ալ մենք աշխատանքի ընթացքին թեքնիք խնդիրներ կը յայտնաբերենք եւ անոնց մասին չէինք գիտեր ամիս մը առաջ, երկու ամիս առաջ չէինք գիտեր եւ այդպէս շարունակ: Արդարեւ, մօտաւորապէս քառասուն տարիէ ի վեր պատշաճօրէն չենք զբաղած այդ ենթակառուցուածքով: Պէտք է գնահատենք կարիքները եւ անցնինք գործի», ըսաւ Փաշինեան:

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը յիշեցուց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ապրիլի 28-ին Կարսի մէջ տեղի ունեցած էր Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման՝ Թուրքիա-Հայաստան համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումը: Տարածաշրջանի փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ընդլայնման համատեսքին մէջ կողմերը ընդգծած են Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի շուտափոյթ գործարկման կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան Ուքրայնայի հարցին մէջ Ռուսաստանի դաշնակիցը չէ: Անդրադառնալով Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի վերջին օրերուն Երեւան կատարած այցելութեան եւ այդ կապակցութեամբ օրակարգի վրայ եկած քննադատութիւններուն՝ վարչապետը ըսաւ. 

«Ինչ կը վերաբերի Ուքրայնայի նախագահի այցելութեան, ապա ես նախապէս ալ այս նիւթով ըրած եմ յայտարարութիւններ: Մենք Ուքրայնա մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած ենք եւ ես ըսած եմ, որ Ուքրայնայի հարցով մենք դաշնակից չենք Ռուսաստանի հետ»: 

Փաշինեան աւելցուց, որ Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի Ալմաթիի հռչակագիրը, որու հիման վրայ կը կառուցուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը: «Դուք գիտէք, որ Ալմաթիի հռչակագիրը ինչ կարեւոր եւ սկզբունքային նշանակութիւն ունի մեզի համար եւ մենք կը հետեւինք այդ հռչակագրին եւ անոր հենքի վրայ կը ջանանք կառուցել խաղաղութիւնը Ատրպէյճանի հետ: Եւ սա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է», ըսաւ ան:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026