ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՓՈՒՄ
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ՝ ապրիլի 6-ին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ:
Նոր ժամադրութիւնը կազմակերպուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբաթ՝ ապրիլի 6-ին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ:
Նոր ժամադրութիւնը կազմակերպուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրողին եւ անոր տողերուն եւ արտայայտութիւններուն ծանօթացման գրաւոր եւ բաց դաշտ մըն է գրախօսականը: Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր նոր արժէքներով եւ ահա այս օրերուն, վերեւ նշեալ գրքոյկը: Ու համեստօրէն, հայ գիրքը վերարժեւորելու ու անով մեր կեանքը ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ, կը փորձեմ Գէորգ Քէօշկէրեանի նոր լոյս ընծայած «Հայկական ասացուածքներ - թրքերէնէ թարգմանուած» գրքոյկին մօտենալ եւ զայն ընթերցողին հրամցնել:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմական մթնոլորտին մէջ խաղաղութեան հովեր փչեցին Վոսփորէն:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ կողմերը կարգ մը նիւթերու շուրջ հասած են փոխադարձ ըմբռնման:
Պէյրութի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մասնաճիւղերու շրջանային խորհրդաժողովը։ Այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ նոյն օրերուն այցելած էր Պէյրութ։
«Հայկական կողմը կը կարողանա՞յ իրեն համար կարեւոր խնդիրները օրակարգի մաս դարձնել»:
Արման Մելիքեան. «Ատրպէյճան կ՚ուզէ հասկցնել, որ արտաքին որեւէ դերակատար պէտք չէ միջամտէ Արցախի կազամատակարարման հարցին, որովհետեւ կ՚ուզէ կը լուծէ, իսկ եթէ չուզէր՝ թող մարդիկ սառին իրենց տուներուն մէջ»:
Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու հերթական փուլը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ:
Նախագահ Էրտողանն ալ առանձին-առանձին կը հիւրընկալէ Մոսկուայէն եւ Քիեւէն Իսթանպուլ եկած պատուիրակութիւնները:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։
Պաքու կը ջանայ գտնել մտացածին պատճառներ՝ Արցախի դէմ յարձակումներու գետին պատրաստելու համար:
Հայաստան Ատրպէյճանին կ՚առաջարկէ անյապաղ բանակցութիւններու սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ:
Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Սան Նիքոլա տա Թոլենթինօ) շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Դադիվանքի հայկական պատմական վանքի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը։ Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։