ՆՄԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Կեանքի բոլոր երեւոյթներուն առջեւ կամ բոլոր վիճակներուն մէջ մարդու պարզած պատկերը դուռ կը բանայ դէպի տարբեր փիլիսոփայական ծալքեր։ Տարիները կը փոխեն մարդուս տեսքը, իսկ իւրաքանչիւր փորձառութիւնով, խորքին մէջ, ան կը բացայայտէ նոր ծալքեր կամ նոր իմաստ կը վերագրէ աւելի առաջ բացայայտածներուն։ Այս ընթացքը կը պարփակէ նաեւ անփոփոխելիներ։
Հայաստանի մէջ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցի մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը յստականան։ Արդէն շաբաթ մը անցած է Արմէն Սարգսեանի հրաժարելէն ի վեր եւ Ազգային ժողովի համապատասխան յայտարարութեան զուգահեռ՝ նախագահի աթոռը պաշտօնապէս կը դառնայ թափուր։
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան համագումարը տեղի ունեցաւ «Էրեբունի փլազա»ի համալիրէն ներս:
«Բաւական է ապրիլ խաբկանքի մէջ, այն արհաւիրքը, որ եղած է, մեծ ինքնախաբէութեան հետեւանքն է»:
Մարդու իրաւանց հարցերը պէտք է աւելի բաց քննարկուին ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ գումարուեցաւ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ «Հայաստանի հետ մեր սկսած եւ Ատրպէյճանի կողմէ աջակցութիւն գտած կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վստահութեան բարձրացման ուղղեալ քայլերով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հաստատեց՝ երկրէն ներս նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները իրականացնելիք բարեփոխումներու խորհուրդի կազմն ու գործունէութեան կարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան։
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան արժանանալ՝ իր յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով։ «Forbes»ի կողմէ Ռուսաստանի կալուածոց շուկայի յառաջատարներուն վերաբերեալ 2021 թուականի համար պատրաստուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած է Սամուէլ Կարապետեանի անունը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։