ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Քննարկումներու ընթացքին, հասկնալիօրէն, առաջնահերթութիւն ցուցաբերուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին նկատմամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ հանդիպումը ներկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերուն նախատեսուած էր Մոսկուայի մէջ, սակայն տեղի չունեցաւ։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը՝ սեփական ապագան որոշելու հարցին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւանի կեդրոնին շարունակ բախումներ տեղի կ՚ունենան ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ հարցազրոյց մը տուաւ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ չի բացառուիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ եռակողմանի նոր հանդիպման մը կազմակերպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցերը քննարկելու նպատակով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոններու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ռոպին ֆան Փույէնպրոքը, որուն ընկերացան «ՌԵՆՇԻՆ» քաղաքաշինական ներդրումային ընկերութեան հիմնադիր Էտուարտ Մարութեան եւ տնօրէն Լեւոն Գասպարով։
Նախագահ Էրտողան ազդարարեց. «Շուէտ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու թուխսի կեդրոնն է»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսել, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Եւրոմիութեան կարգ մը պաշտօնատարներու հետ։ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է նաեւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի չորրորդ նիստը։
Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը այսօր հաղորդած է, որ անցեալ փետրուարի երկրորդ կէսին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջեւ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։