Լրահոս

ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու հերթական փուլը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ:
Նախագահ Էրտողանն ալ առանձին-առանձին կը հիւրընկալէ Մոսկուայէն եւ Քիեւէն Իսթանպուլ եկած պատուիրակութիւնները:

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԹԻՖԼԻԶ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Սան Նիքոլա տա Թոլենթինօ) շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Դադիվանքի հայկական պատմական վանքի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը։ Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։

«ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ» ԿԵԴՐՈՆ

Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ աշխարհահռչակ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով արուեստներու կեդրոն մը։ Շաբաթավերջին կազմակերպուած պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, նոյն հիմնադրամի տնօրէնուհի Քրիստինա Ազնաւուր, Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի եւ Իվլին տեփարթմանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, նաեւ այլ հիւրեր։

ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԱՍԱԾ ԼՈՒՐԵՐԸ ՀԱՆԵԼՈՒԿԻ ՀԱՄԱԶՕՐ

Արցախէ ներս ստեղծուած մտահոգիչ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը խախտելով ներխուժած են շփման գիծէն ներս։ Անոնք վերահսկողութեան տակ առած են այնպիսի տարածքներ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով կը գտնուէին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ ապահովելու համար հրադադարը եւ կասեցնելու համար առկայ մարդասիրական ողբերգութիւնը։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին շնորհուեցաւ Ս. Աթոռի բարձրաստիճան պետական շքանշաններէն մին։ Առաքելական պալատէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին այդ շքանշանը դեսպան Կէօքթաշին յանձնուեցաւ՝ Վատիկանի փոխ-վարչապետ Էտկար Փենա Փարրա Արքեպիսկոպոսին կողմէ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երբ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ դարձեալ Ատրպէյճանի քայլերուն հետեւանքով տագնապալի վիճակ եւ լարուածութիւն, բախումներ եւ շփման գծի խախտումներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին ներքեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։

Էջեր