ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է համակրելի գրող Գարին Քարաքաշլըի բանաստեղծութիւններու նոր ժողովածոյին, որ կը կոչուի «Kenar Süsü»։ Գարին Քարաքաշլը հեղինակ մըն է, որ կ՚արտադրէ պատմուածքներ, վէպեր եւ այլն։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ։
Ֆրանսահայ յայտնի հոգեբոյժ տքթ. Տիրան Տօնապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։
Կը տեղեկանանք, որ «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» արժանացած է EMYA 2023 մրցանակին։ Այսպէսով «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» հռչակուած է Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարանը։
Փաշինեան մեկնաբանեց Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակը:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։
Հնդկաստան վճռած է չինակեդրոն Ասիոյ ձեւաւորումը, ինչ որ ծնունդ կու տայ միջազգային նոր խմորումներու:
Հայաստանէն դէպի արտասահման թռիչքներու համար Թուրքիոյ օդային մարզին փակուիլը այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր հայկական օդային ընկերութիւնները զրկուած են տարանցիկ նպատակով Թուրքիոյ օդային մարզէն օգտուելու հնարաւորութենէն։
Այսպէ՛ս, ուղղակի աքցանի մէջ բռնուողը Ստեփանակերտն է, իսկ Երեւանն ալ աքցանին կոթերը բռնողներէն մէկն է, որ կը ներկայանայ հորին մէջ պարան երկարողի դիրքէ: Իսկ թէ այդ պարանով ապահո՞վ է հոր իջնելը, կամ կարելի՞ է անոր միջոցով ջուր դուրս բերել…