Լրահոս

«ԾԱՂԿՈՒՆՔ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Կամուրջ» մշակութային կեդրոնը ապրիլի 27-ին, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կ՚իրականացնէ «Ծաղկունք» միջազգային 5-րդ պարի փառատօնը, որ նուիրուած է ապրիլի 29-ին նշուող Պարի միջազգային օրուան։
Փառատօնի նպատակն է մէկ միասնական հարթակի տակ միաւորելով ներկայացնել աշխարհի զանազան ազգերու պարերը՝ Հայաստանի ու այլ երկիրներու մանկապատանեկան եւ երիտասարդական խումբերու միջոցով։

ՆՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Շթայնմայէր. «Թուրքիա եւ Գերմանիա այնպիսի գործընկերներ են, որոնք իրարմէ չեն կրնար հրաժարիլ»:
Նախագահ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Անգարա-Պերլին համագործակցութիւնը կը խորանայ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս համատեղ արտադրութեան ծրագիրներով՝ առկայ սահմանափակումներու դադրեցումով»:

ՊԱՅՏԸՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԱՆԳԱՐԱ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԵՄԻԱ-Ի ՎՃԻՌԸ

Երէկ, համայն հայութիւնը 24 Ապրիլի առթիւ աշխարհի չորս ծագերուն կազմակերպեց ոգեկոչման արարողութիւններ։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներն ալ հրապարակեցին պատգամներ՝ քաղաքական կամ հասարակական գործիչներով, զանազան կառոյցներով, երեսփոխաններով, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներով եւ այլ մակարդակի դէմքերով հանդերձ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՓՐՈՖ. ՆԻՔՈԼԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, կեանքէն հեռացաւ ականաւոր գիտնական, հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Նիքոլայ Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ որպէս հասարակական գործիչ։

ԻՆՉՈ՞Ւ…

Քաղաքական իրադրութիւնը այսօր կը պահանջէ ըլլալ հակառուս: Բոլոր այն մարդիկ, որոնք կ՚ընդդիմանան ներկայ իշխանութիւններուն, կը պարզուի, «Քրեմլինի գործակալներ» են: Այդ ալիքին վրայ իշխանութիւններու աչքը մտնելու ամենադիւրին տարբերակը ռուսերու մասին քանի մը «քաղցր խօսք» ըսելն է:

ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ Է, ԹԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՅ ԱՅԺՄՈՒ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան կը ձերբազատուի՝ սփիւռքին կողմէ իրեն պարտադրուած խաւարէն։
Դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութենէն վերադարձին, նախագահ Էրտողան օդանաւին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ 

Էջեր