ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԽՐԱՆՔԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ հայոց բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը երկիւղած յարգանքի առարկայ կը դառնայ համաքրիստոնէական մակարդակի վրայ: Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթէն վերջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրով ողջագուրուեցաւ Սրբազան Պապին հետ: Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը: Խօսք առին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Հայ Կաթողիկէից Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը:
Սուրբ Պետրոսի տաճարի երդիքին տակ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ երէկ մատուցուած Սուրբ Պատարագը դարձաւ պատմական: Վատիկանի մէջ օրուան աւետարանական ընթերցումը կատարուեցաւ հայերէնով, հնչեցին նաեւ հայերէնով շարականներ
Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։