ՓՐՈՖ. ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ
Յայտնի ընկերաբան, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Արուս Եումուլ երէկ մասնակցեցաւ «Մարքսիզմ 2015» խորագրեալ քննարկումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ասուլիսի մը։ Այս քննարկումներու շարքին նախաձեռնած է Ընկերվարական յեղափոխական բանուորական կուսակցութիւնը։




Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, քաղաքական կուսակցութիւնները Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցին իրենց երեսփոխանական թեկնածուներուն ցուցակները։ Երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան թեկնածուները, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր։
