ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց Հայաստանի հետ կնքուած համաձայնագրի վաւերացման մասին օրէնքը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու քաղաքացիներու արձանագրման կարգի փոխադարձ դիւրացման։

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։


Թրքական պատմութեան հաստատութեան (TTK) նորանշանակ նախագահը պատրաստ է գործի ձեռնարկելու: