ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն երեսուներկու օր անց նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը պաշտօնապէս սկսաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան պաշտօն յանձնեց Տավուտօղլուին, որ յառաջիկայ շաբաթ շփումներու պիտի ձեռնարկէ կուսակցութիւններուն հետ:
Հայաստան բոլոր հարթակներու վրայ կը մատնանշէ Իրանի հետ երկաթուղիի կառուցման նիւթը:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ հերթական բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Հայաստանի Ազգային արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» երկլեզու աշխատութիւնը:
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն ունեցած է բազմաբնոյթ շփումներ։