ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ
Երեւանի ծննդատուներուն մէջ տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած ծնունդներուն թիւը կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը: «Արմէնփրէս» համաձայն, 2015-ի առաջին կիսամեակին մայրաքաղաքին մէջ ծնունդներուն թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը գերազանցած է 180-ով:
Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն:
Հայաստանի մէջ վերջերս առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ փարափլանային թռիչքներու միջազգային մրցաշարք մը։ Տեղացի մասնակիցներուն առընթեր արտասահմանէն բազմաթիւ մարզիկներ ալ մասնակցութիւն բերին այս մրցաշարքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Հայաստան եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին»:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց դէպի Անգլիա կատարած իր այցելութիւնը։ Անգլիահայ համայնքը ուղեւորութեան վերջին հանգրուանին իրեն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Լոնտոնի «Կոլտշմիտ Հոլլ» դահլիճին մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի մշակութային համագործակցութեան խորհուրդին նիստը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը։