ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ 2015-Ի ԾՐԱԳՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Երեւանի Պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ համախմբեց այս տարուան ծրագրին մասնակից 126 սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք Երեւան մեկնած են Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն եւ Չախիայէն։

Ռազմիկ Փանոսեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն շուրջ բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետները տեսակցեցան՝ ամուր համախոհութեան մը ձեւաւորման ցանկութեան մթնոլորտին մէջ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալեց 12-րդ փառատօնի պատուոյ հիւրերը:
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգը կեդրոնացած միջկուսակցական շփումներուն վրայ: