ՃԱԲՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյծի Թակուչի այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը նշանակման առթիւ շնորհաւորեց Էյծի Թակուչին եւ յոյս յայտնեց, որ նոր դեսպանի գործունէութեան շնորհիւ հայ-ճաբոնական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը ջերմանան, երկու բարեկամ ժողովուրդներու համար կը բացուին համագործակցութեան նորանոր հեռանկարներ։
Յունահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Աբեղայ Առաքելեան, ընկերկացութեամբ Թեմական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մերուժան Հարթենեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Տիգրան Աբասեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի հոգեւոր առաջնորդ Տ.Տ. Հերոնիմոս Բ.-ի հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ, քաղաքագէտ Էդիկ Յովսէփեան «tert.am» կայքէջին ըրաւ յայտարարութիւններ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Սիւլէյման Տէմիրէլի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, պետական արարողակարգով նախատեսուած պատշաճութիւններու շրջագծին մէջ։
Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Եղիա Ճէրէճեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիայէն գրող Քատիր Աքընը։ Այս վերջնոյն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հնչակեան քսան կախաղաններու տարելիցին։