ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԱՀԿԱ ԲԵՐԴԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
Ատանայի մէջ վերանորոգութեան վերջին հանգրուանին հասած է Վահկայի բերդն ու եկեղեցին։ Յայտնի կը դառնայ, որ այս տարուան աւարտին մօտ արդէն վերջացած պիտի ըլլան Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան խորհրդանշաններէն մին հանդիսացող հռչակաւոր այս բերդին վերանորոգութիւնը, որ կը շարունակուի երկու տարիէ ի վեր։

Ահմէտ Սեւէրի վերջին օրերու ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն եկաւ աւելնալ նաեւ Հայաստանի նիւթը:
Դառն կսկիծով վերահասու դարձանք, թէ երէկ իրիկուն Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան։ Հայ Սփիւռքի խորհրդանշական կերպարներէն մէկն էր Արփիկ Միսաքեան, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատաւոր մը որպէս հրատարակած էր իր հօր՝ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ իրեն ժառանգուած «Յառաջ» օրաթերթը։