1915-Ի ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ
Վաւերագրական ժապաւէններու ութերորդ փառատօնը՝ «Տէօքիւմենթարիստ» կը սկսի այսօր։ Փառատօնի յատուկ բաժիններէն մէկը խորագրուած է «100-ամեայ լռութիւն» եւ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան։ Այս շրջագծով այսօր, ժամը 13.00-ին «Սալթ Պէյօղլու»ի մէջ կը ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեան եւ Փէյա Հոնքիւստի «Կ՚ատեմ շները» եւ ժամը 15.00-ին ալ՝ Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէնի կողմէ նկարահանուած «Կեավուր մահալլէսի» վաւերագրականը՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Տիարպաքըրի հայութեան վերաբերեալ։
Ամերիկաբնակ արձակագիր Ալին Յովհաննէսեանի «Օրհանի ժառանգութիւնը» վէպը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այսպէս, «Ամազոն» առցանց գրախանութը վէպը ճանչցաւ Ապրիլ ամսուան լաւագոյն գիրքը։
Եթովպիոյ հայ համայնքի ղեկավար Վարդգէս Նալպանտեան եւ իր դուստրը՝ իրաւաբան Գայիանէ Էլիզ Նալպանտեան այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան փոխ-նախարար Վահագն Մելիքեանի հետ։ Վերջինս կարեւորեց Եթովպիոյ հայ համայնքին հետ սերտ կապերու ամրապնդման, համայնքի պատմութեան ու ներկայ խնդիրներուն իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։