ՎԱՏԻՆ ԱԼ ՎԱՏԸ… ՍՊԱՍՈՒՄ
Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Ներկայիս Լաթաքիան կը համարուի յարաբերաբար աւելի անվտանգ շրջան մը, շատեր արդէն մեկնած են այնտեղ, սակայն գլխաւոր հարցականներէն մին հետեւեալն է. ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ընդդիմադիրները սկսին արշաւել դէպի ծովեզերք:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Ժագ Սերժէֆի ցուցահանդէսի բացումը։ Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ազգային թանգարան-կաճառին մէջ կը ներկայացուին իր ստեղծագործութիւնները։
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ աշխատանք կատարուած է երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մեծ մասը ուղղուած է ուժանիւթի անվտանգութեան հայեցակարգի հաստատման։
ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի զեկոյցին հեղինակը:
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս շրջագծով ան վաղը պիտի այցելէ Երեւան։
Հայաստանէ ներս հաստատուեցաւ երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկը՝ այս անգամ մայրաքաղաքէն դուրս: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: