ԻՐԱՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրանեան զինեալներու Դամասկոս հասնելուն մասին: Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, անցնող երեք օրերուն Դամասկոս հասած իրանցի եւ իրաքցի զինեալներուն թիւը կը հասնի եօթ հազարի: Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ ուժերուն թիւը հասնի տասներկու հազարի։

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էսթրոզիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Սարգսեանը Էսթրոզի նշեց, թէ մեծ պատիւ է, որ Հայաստան պատուոյ հիւրը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենայայտնի երաժշտական փառատօններէն մէկուն՝ «Միտէմ» միջազգային փառատօնին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ֆրանսա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Քանն քաղաքին մէջ ներկայ կը գտնուի «Նիտէմ» միջազգային յայտնի երաժշտական փառատօնի բացման։
Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան: